Եհովայի վկաներու պաշտօնական ցանցակայք

Գլխաւոր էջ Beliefs Future Medical Topics Contact Us Publications Languages
Աստուած Ի՛նչ կը Պահանջէ Մեզմէ Դաս 15Նախորդ յօդուածըՅաջորդ յօդուածը

Ուրիշներուն Օգնենք որ Աստուծոյ Կամքը Կատարեն

Ինչո՞ւ ուրիշներու պէտք է խօսիք ձեր սորված լաւ բաներուն մասին։ (1)
Բարի լուրը որո՞ւ հետ կրնաք բաժնել։ (2)
Ձեր վարքը ուրիշներուն վրայ ի՞նչ ազդեցութիւն կրնայ ունենալ։ (2)
Ժողովքին հետ ե՞րբ կրնաք քարոզել։ (3)

1. Մինչեւ հիմա շատ հաճելի բաներ սորվեցաք Աստուածաշունչէն։ Այս գիտութիւնը ձեզի պիտի օգնէ որ քրիստոնէական անձնաւորութիւնը մշակէք։ (Եփեսացիս 4։22-24) Այս գիտութիւնը կենսական է յաւիտենական կեանք ստանալու համար։ (Յովհաննու 17։3) Սակայն, ուրիշներ ալ պէտք է լսեն բարի լուրը, որպէսզի իրենք ալ փրկուին։ Աստուած կը պատուիրէ որ բոլոր ճշմարիտ Քրիստոնեաները վկայեն ուրիշներուն։—Հռովմայեցիս 10։10. Ա. Կորնթացիս 9։16. Ա. Տիմոթէոս 4։16

2. Նախ, կրնաք ձեզի մօտիկ եղողներուն հետ բաժնել ձեր սորված լաւ բաները։ Խօսեցէք ձեր ընտանիքին, բարեկամներուն, դասընկերներուն եւ գործակիցներուն։ Երբ կը խօսիք՝ ազնիւ եւ երկայնամիտ եղէք։ (Բ. Տիմոթէոս 2։24, 25) Իսկ բնաւ մի մոռնաք որ մարդիկ յաճախ խօսքերէն աւելի՝ անհատին վարքին կը նային։ Ուստի, ձեր վարքը կրնայ պատճառ ըլլալ որ ուրիշներ մտիկ ընեն ձեր տուած պատգամին։—Մատթէոս 5։16. Ա. Պետրոս 3։1, 2, 16

3. Ժամանակ մը ետք, Եհովայի Վկաներու ժողովքին ընկերակցութեամբ, քարոզչութեան սկսելու որակելի կրնաք ըլլալ։ Ասիկա կարեւոր քայլ մըն է ձեր յառաջդիմութեան մէջ։ (Մատթէոս 24։14) Ի՜նչ մեծ պիտի ըլլայ ձեր ուրախութիւնը, եթէ կարենաք օգնել անհատի մը, որ ինքն ալ Եհովայի մէկ ծառան ըլլայ եւ յաւիտենական կեանք ստանայ։—Ա. Թեսաղոնիկեցիս 2։19, 20

 

Հրատարակուած՝ 1996–ին

Գլխաւոր էջՍկիզբՆախորդ յօդուածըՅաջորդ յօդուածը

Copyright © 2008 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania. All rights reserved.